2014-06-27 11:38:54

''Աստուած` քնքուշ հայր մըն է որ մեզ կը սիրէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, 27 Յունիսին արտասանած քարոզին մէջ։


Յիսուսի Ամենասուրբ սրտի տօնին օրը, ուրբաթ` 27 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ Աստուծոյ` մարդուն հանդէպ ունեցած սիրոյն ու գուրգուրանքին։ ''Աստուած` քնքուշ հայր մըն է որ մեզ կը սիրէ։ Ան մեզի կը պարգեւէ շնորհք եւ ուրախութիւն։
''Յիսուսի սուրբ սրտին տօնը կարելի է համարել Աստուծոյ սիրոյ տօնը` Աստուծոյ սէրը Յիսուս Քրիստոսի մէջ, Անոր սէրը մեզի հանդէպ ու մեր մէջ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով սիրոյ երկու երեւոյթներուն. Առաջին` ''Սէրը աւելի տալ է, նուիրել է, քան ընդունիլ'', իսկ երկրորդ ''սէրը աւելի գործնական բաներու մէջ է քան խօսքերուն մէջ''։
Սակայն Աստուծոյ սէրը հասկնալու համար մարդը պէտք ունի խոնարհելու եւ հեզ սիրտ մը ունենալու։ Աստուած մեզ սիրեց նախապէս։ Ան մեզ կը սպասէ ու երբ մենք կը դիմենք Անոր, Ինք ներկայ է ու պատրաստակամ մեզ ընդունելու իր սրտին եւ իր սիրոյ մէջ։
Խնդրենք Աստուծմէ շնորհքը մեզ զարմացնելու, Իր մեզի փոխանցած սիրով, որ մեզի ուրախութիւն կու տայ եւ մանուներու նման` մեր ձեռքէն բռնելով մեզ կ՛առաջնորդէ կեանքի ճանապարհի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.